Զանգը հնչած էր, հօրաքոյրս կ՛ուշանար գալու։Իւրաքանչիւր դպրոցական օրուան աւարտին, ան նոյն ժամուն, մակապարտէզի դրան առջեւ պարտաճանաչօրէն ներկայ կ՛ըլլար, զիս տուն տանելու համար։
Այդ օր, քիչ մը սպասելէ ետք, վայրկեանները սկսան շատ երկար թուիլ, չորս տարեկանը դեռ չբոլորած, բողբոջ դասարանցիիս համար։Հազիւ գլուխս շուրջս պտտցուցի, վստահ ըլլալու համար, թէ ան իրաւ չէ եկած, եւ ես մինչ կ՛որոշէի ինքզինքիս իրաւասութիւնը շնորհել, ինչ ընելու որոշումը առնելու համար,յանկարծ նկատեցի,ինձմէ մէկ դասարան բարձր՝ Անին, որ հաւանաբար հասկցած ըլլալու էր փնռտուքիս շարժառիթը։ Մօտեցաւ ինծի եւ առաջարկեց միասին տուն վերադառնալ։ Պահը ուրախալի էր, լուծումը արդէն իսկ պատրաստ, իսկ ձեռք բերած անկախութեանս զգացումը՝ գերազանց։ Անմիջապէս գլուխով հաւանութեան նշան տուի՝ինծի համար արդէն մեծ նկատուող, թէեւ ինձմէ միայն մէկ դասարանով բարձր,կոկոն դասարանի աշակերտուհիին։ Կծիկը արդէն քակուած է։
Մեր մանկապարտէզը, նեղլիկ սալահատակուած թաղի մը մէջ էր, ուրկէ ինքնաշարժներ չէին անցնէր,լայնատարած աստիճաններով, փակ թաղի մը մէջ, հիմնական եւ երկրորդական դպրոցներուն կողքին անջատաբար կը գտնուէր ան։ Երկար սպասումներէ ետք, բանտէն փախուստ տուողի մը արագութեամբ, երկու երեխաներս սլացանք դէպիԱլթունեան հիւանդանոցի մայթը։ Փողոցը շարունակելէ առաջ համախոհիս զգուշացուցի, թէ անկիւնի նեղլիկ թաղէն պէտք էր երթայինք, հասնելու համար մեր տուն։ Անին յամառօրէն պնդեց՝ճամբան շարունակել մինչեւ զառիվար, նպարավաճառի խանութէն, ուտելու բան մը գնելու համար։ Մինչ ան զիս համոզել կը փորձէր, արդէն իսկ հասած էինք,հացի փուռին դիմաց գտնուող, նպարեղէնի խանութը։ Հոնկէ ի՞նչ գնել կը մտածէինք, մինչ՝ ես հետս, ոչ մէկ ֆրանկ «այդ օրերու մանր դրամը, ֆրանսացիներու իշխանութեան օրերերէն մնացած» ունէի, իսկ ընկերուհիս, հաւանաբար ունենալու էր, որ ամենայն վստահութեամբ կը պնդէր գնում կատարել․․․
Յանկարծ, ով զարմանք, ազատութեան բոլոր յոյսերս յօդս ցնդեցան երբ նկատեցի ծանօթ աչքեր։ Մօրս բարեկամուհիներէն մին էր՝ մեզ տեսնելով, զայրացկոտ բացագանչութիւն մը արտաբերեց, հասկնալով եղելութիւնը։
-Իրա՞ւ առանձին էք, դպրոցէն նոր արձակուա՞ծ․ իսկ ընկերուհի՞դ ․․․ ի՞ր ալ մաման ուշացած է, զինք տուն տանելու համար ․․․
Հասկցուեցաւ,- ըսաւ տիկին Մէյրի, որ հիմա արդէն չկայ։
-Շուտ դէպի տուն, ես հիմա երկուքդ ալ կը տանիմ՝ ընկերուհիդ կրկին դպրոց, իսկ քեզ ալ, դէպի ձեր տուն,զայրացկոտ շեշտով մը պոռթկաց ան։
Անկախութեան բոլոր տեսիլքները ,վերջնականապէս ալ իրաւ յօդս ցնդած էին, իսկ Աստուած գիտէր, թէ զիս ի՞նչ պատիժ կը սպասէր տունը։
Մեր այս փոքրիկ շրջագայութեան ժամանակահատուածին, մինչ նոր աշխարհ մը բացուած էր մեր երկուքին դիմաց, թէեւ շատ կարճ տեւած, բայց այնտեղ՝ դպրոց քիչ մը ուշ ժամանած հօրաքրոջս համար, բաւական տագնապալի ապրումներով եւ ցնցումներով լի ժամանակահատուածի մը վերածուած էր։ Հօրաքոյրս՝ դպրոցի ելքի դրան մօտ երբ զիս չէր տեսած, տնօրէնուհիին՝ օր․Անահիտ Ֆապրիքաճեանին դիմած էր, որը վստահեցուցած էր, թէ արդէն բոլոր աշակերտները արձակուած էին մանկապարտէզէն, իսկ հօրաքրոջս ալ յանցաւոր նկատած էր, իր ուշացումին համար, յամդիմանելով զայն։
Երկուքին միջեւ անաւարտ վէճ մը ծայր առած էր, զիրար անպատասխանատու որակող, տարբեր մակդիրներով, նսեմացնող արտայայտութիւններով թեժ միջադէպի մը վերածուած էր երկխօսութիւնը ․․․․
Մինչ անոնք կը վիճէին, այդ ընթացքին, տիկին Մէյրի զիս տուն հասցուցած էր, ես արդէն մեր նստասենեակի երկար տիւանին վրայ պառկած, ոտքերս եւ ձեռքերս կապուած հայրիկիս մէջքի ամրագօտիին հարուածներուն տակ ձեւով մը դիմադրողութիւն կը փորձէի ցոյց տալ, հայրս կը պոռթկար ըսելով,- անգամ մըն ալ դպրոցէն առանձին դուրս պիտի ելլե՞ս։ Իւրաքանչիւր ո՛չ ըսելուս, հարուածը կը թեթեւնար, մինչ քիչ ետք աւելի զօրանալու համար, «որպէս դաս», ինչպէս պիտի ըսէր հայրս․
-Անգամ մըն ալ, պիտի փախչի՞ս դպրոցէն․․
Մինչեւ վեցերորդ դասարան, հօրաքոյրս ամենայն բծախնդրութեամբ,դպրոց երթեւեկութեանս պարտականութիւնը ստանձնեց։ Արդէն տաս-տասնմէկ տարեկան էի, ընկերուհիներէս կ՛ամչնայի, որ հօրաքոյրս տակաւին կը շարունակէր զիս դպրոց տանիլ․ քանի որ մանկապարտէզի շրջանին տեղի ունեցած այդ միջադէպը, իր խոր հետեւանքները ձգած էր, մանաւանդ որ այդ փախուստը այնտեղ չէր աւարտած։ Քանի մը ամիս ետք, երբ կապկպուած ձեռքերս եւ ոտքերս մոռցած էին իրենց ցաւն ու կապտուկները,կրկին փորձած էին իրենց ինքնահաստատման փորձերը շարունակել։
Հօրաքոյրս եւ օրիորդ Անահիտը մինչեւ իրենց կեանքին վերջը ոխերիմ թշնամիներ մնացին։ Հետագային երբ ես նոյն դպրոցին մէջ, օր․ Անահիտին ընկերակցութիւնը վայելած ուսուցչուհի էի ,հետաքրքրութեամբ լսեցի իր վկայութիւնն ու այդ օրուան տեղի ունեցածին մասին, մինչ այդ, ամէն բան արդէն կը ծածանէր յիշողութեանս մէջ, որպէս մանկութեան յիշատակութեան արժանիտխուր դրուագ։ Չորս տարեկան երեխան, այո՛ կրցած էր որոշում կայացնել,դուրս գալու համար իր ապրած իրականութենէն Հետագային երբ տասնեօթ տարեկան դարձայ, կրկին նոյն արմատը պիտի ցցուէր եւ զիս մղէր՝ Երեւան ուսանելու երթալու համար։
Հաւանաբար նոյն բողբոջ դասարանիս աւարտին էր երբ դէպքը կրկնուեցաւ տարբեր ձեւով։ Րամատանի տօնի միամսեայ ծոմապահութեան օրերն էին, արաբական աշխարհի համար այնքան սպասուած օրեր, մինչ անոնց կիները հեւիհեւ իրենց գնումները կը կատարէին, ազանի ժամուն կարենալ տուն հասնելու, ընտանեօք միասնաբար սեղան նստելու, ծոմապահութեան բացուած ըլլալը յայտարարելու համար,թնդանօթի «թօբ»-ին հնչելէն առաջ։ Թիլէլի շուկան, մեր տան յետսամասը կը գտնուէր եւ Հալէպի ամէնէն խճողուած շուկաներէն մին էր, իր ներքին եւ նրբին ծալքերով խայտացող, որ կը յորդէր բազմազանութեամբ եւ բազմութեամբ, Հալէպի յարակից քաղաքներէն առեւտուրի համար եկող յաճախորդներով,իրարանցումով,գոռիւն գոչիւնով․․․
Բաւական խայտաբղէտ եւ խառնիճաղանճ տեսարան մը կը ներկայացնէր այդ օրերու թիլէլը, քանի որ Հալէպի շուկաները ամէնէն առատն ու աժանն էին, ուր մեծաքանակի գինով կարելի էր փոքրաքանակ գնումներ կատարել։
Հօրաքրոջս տղուն հարսանիքը կը մօտենար, իսկ մայրս՝ հարսանեկան զգեստներու պատրաստութեան լծուած, հօրաքրոջս աղջիկներուն հետ շուկայ իջած էր, զիս ալ իրենց հետ առնելով։ Այդ իրարանցումին խանութներէն գնում կատարելը հերոսութեան եւ քաջութեան կը կարօտէր։
Մօրս եւ հօրաքրոջս աղջկան ձեռքերէն բռնած, կը յառաջանայինք խճողումին մէջ։ Մէկ ձեռքիս պուպրիկս, մէյ մը պուպրիկը կ՛ամրապնդէի ձեռքիս մէջ, մէյ մըն ալ հօրաքրոջս աղջկան ափը։ Մայրս միշտ ձեռքիս ներկայութիւնը կ՛ստուգէր։ Յանկարծ ինչպէս պատահեցաւ չեմ գիտեր, հոծ բազմութեամբ մը շրջապատուեցայ, այդպէս կ՛ըլլար այդ օրերու խճողումը։ Կամքէս անկախ, ամբոխը զիս քալել կուտար եւ ես դէպի առջեւ կ՛ընթանայի։ Աչքերս վեր բարձրացուցի, մայրս եւ հօրաքրոջս աղջիկը չկային։ Օտար բազմութեամբ մը կ՛առաջնորդուէի, դէպի ո՞ւր, չէի գիտեր։
Զիս շրջապատողներուն, սրունքներուն հազիւ հասնէր գլուխս․ անոնք նոյնիսկ իմ ներկայութենէս անտեղեակ էին։ Ամէն բան մթնեցաւ աչքերուս առջեւ եւ ես միայն ելքի ծայր մը կը փնտռէի։Երկար սեւ ապաներով շրջապատուած ,խեղդուելու աստիճան անօդ եւ անլոյս փակուղիի մը մէջ էի։
Քիչ ետք, հազիւ կերպ մը գլուխս ազատելով այդ խառնիճաղանճէն դուրս գալու միջոց մը կրցայ գտնել , սլանալով դէպի աւելի բացատ տարածութիւն մը։ Ոչ մէկ ծանօթ կար։ Հոտառութեամբ, գտնուած վայրս կրցայ ճշդել ։Պուպրիկիս ձեռքը ամուր բռնած ,որ յանկարծ չլորսնցնէի,քալեցի դէպի առջեւ,մինչեւ«Կոստաքի հոմսի» պողոտայի պասի կայան, զգուշութեամբ կրցայ անցնիլ փողոցի հանդիպակաց կողմը։ Սլացող ինքնաշարժներու հոսքը մեծ ուշադրութեամբ ճեղքեցի, հասայ «Ֆարէս Ալ Խուրի» պողոտայի վրայ գտնուող հեռուստացոյց նորոգող՝ հօրս խանութը։ Դրան թափանցիկ ապակիէն տեսայ, թէ ինչպէս, մայրս եւ մնացեալը իրար անցած կը պատմէին եղելութիւնը, ինչ ընելու մասին կը մտածէին։ Ապակիին ետեւէն անոնց խուճապահար, սրդողած եւ լացակումած տեսքէն վախցած շատ արագ շրջանցեցի եւ անցայ հոնկէ։ Անոնք իրենց խուճապին մէջ, ոչ իսկ նկատեցին զիս։ Հսկայ պողոտայի ինքնաշարժերէն խուսափելով, մայթին վրայէն երթս շարունակեցի դէպի տուն, որ կը գտնուէր նոյն պողոտայի վերջաւորութեան։ Բարձրացայ շէնք աստիճաններէն դէպի չորրորդ յարկ, մեր տան դրան առջեւ նստայ եւ սկսայ պուպրիկս քնացնել։ Մինչ անոնք, ուժասպառ, բեկուած, լացակումած աչքերով հասան տան դրան մօտ, հազիւ զիս տեսան, շուարեցան, իրենց լեզուները կապուեցան, ուրախանայի՞ն, թէ յանդիմանէին զիս, իսկ ես կրցայ բացատրութիւն մը տալ ըսելով.
-Պուպրիկս պիտի կորսուէր, հազիւ ձեռքէն բռնեցի, բերի տուն․․․․
․․․․․․
2- Մանկութենէս, այնքան ալ հաճելի յիշողութիւններ չեմ ունեցած, մինչ ուրիշներ կը փափաքին դէպի մանկութիւն վերադառնալ,ես մտովի միշտ ալ փախուստ տուած եմ անկէ եւ հոգւոյս խորշերուն մէջ մտածած՝ «ինչ լաւ է որ անցած են այդ օրերը եւ չեն կրկնուիր»։ Թէեւ ծնողներուս գուրգուրանքի եւ սիրոյ առարկան դարձած, բայց ունեցած եմ այնպիսի ապրումներ, որոնք պատճառ դարձած են դպրոցը չսիրելեւս։ Թուղթն ու մատիտը, դասագիրքն ու դասապահը ինծի համար վերածուած են մղձաւանջի։ Երեք ու կէս տարեկանիս, ողբով, լացով ոտքերս հանգչած են մեր մանկապարտէզի շատ ձիգ ու երկար աստիճաններուն վրայ,գլուխս միշտ մնացած է դէպի ետեւ։ Բողբոջ դասարանի նկուղային դասարանէն, մտքիս մէջ պահպանուած է միմիայն մեր դաստիարակին ծամոն ծամելու արտակարգ գրաւիչ ձայնարկութիւնները։ Հազիւ տառաճանաչ դարձած ,ծնողքիս ըսուած է, թէ դասարանցիներուս համեմատ տարիքս արդէն անյարմար է եւ մեծ, անոր համար ալ տարեվերջին՝ մինչ հազիւ կրնայի բառերը վանկատել, ծնողներուս հաւանութեամբ, որոշում առնուած է, զիս փոխադրել, Ծաղիկ՝ մանկապարտէզի աւարտական դասարան։
Որպէսզի կարենայի մնացեալին հետ քայլ պահել՝ զբօսանքներուն՝ ուսուցչուհին առանձին սկսած էր աշխատիլ հետս, իսկ տունն ալ՝ օրական մօտաւորապէս չորս ժամ աշխատանք թափած էր մայրս, որպէսզի մնացեալ դասընկերներուս նման կարենայի կարդալ, անոնց հետ համահաւասար քայլ պահելով։
Այդ երկու տարիները, որոնք պէտք էր ըլլային մանկութեանս ամենագեղեցիկ եւ անհոգ տարիները, վերածուեցան դժոխային տարիներու, որոնց մասին վերյիշելն անգամ խոր ցաւ կը պատճառէ ինծի։
Սեղանին վրայ Ծաղիկ դասարանի բաց այբբենարանն էր, դէմս՝ անգլերէնի դասատու՝ հօրաքրոջս աղջկան քրտնաթաթախ կերպարանքը, իսկ կողքիս՝ բառերը կրկնելէ յոգնած ճարահատ եւ ուժասպատ մայրս։ Երկուքը՝ բազմաթիւ անգամներ կը կարդային, կը բացատրէին եւ կը ստիպէին որ կրկնեմ իրենց արտասանած նախադասութիւնները։ Ետքը կը սկսէր ուղղագրութեան արարողակարգը,երբ ես արդէն ծուարած կ՛ըլլայի սեղանին յատակը։ Ուսերս թօթուելով հազար դժուարութեամբ վեր կը բարձրանայի, առանց կարենալ գրելու արտասանուածը։ Եւ այսպէս՝ մենք երեքով, գրասեղանին առջեւ տանջելով եւ տանջուելով, երկար ժամեր կ՛անցընէինք։
Հայերէնի սրբազան տառերը կը վերածուէին վիշապներու, օձերու, որոնք իրենց ժանիքներով սպառազինուած՝ զիս կը սպասէին յօշոտելու։
Յաջորդ օր, դպրոցը՝ ուսուցչուհին զբօսանքին երբ փայտեայ խորանարդերը քով-քովի շարելով կը հարցնէր, «երկու առաւել երեք,քա՞նի կ՛ընէ»․․․
Ետքը՝ երեք նուազ երկու եւ այսպէս․․․․
Ես ինքզինքս, այնքան անկարող կը զգայի եւ ատելով կ՛ատէի դպրոցը․․․
Թիւերուն լաւապէս չծանօթացած, գումարում եւ հանում պէտք էր գիտնայի։ Տառերուն հազիւ ծանօթացած, պարտաւոր էի ընթերցել ամբողջ էջը։ Թուաբանութեան պատասխաններս գրեթէ սխալ կ՛ըլլային։ Շառաչուն, շանթահարող ապտակը չէր ուշանար դրոշմուելու շիկացած այտիս, ուսուցչուհիին մատներուն հետքերով զարդարելու լացակումած դէմքս։ Տունը, երբ մատնահետքերուն մասին հարցնէին, զանոնք խաղընկերներուս կը վերագրէի։ Այդ տարի, վկայականս ստանալով , անպայման պէտք էր նախակրթարան փոխանցուէի։
Տարի մը ամբողջ անցուցի, հոգեկան անասելի տանջանքներով։ Նոյնիսկ տեղի ունեցածը հասկնալու անկարող էի, կարծելով, թէ բնական բան մըն էր պատահածը։ Արտայայտուելու քաջութիւնս կը պակսէր, վախնալով ուսուցիչներէն եւ ծնողներէս կ՛ենթարկուէի հարուածներուն։
Այս բոլորով հանդերձ, հետագային, լաւագոյն արդիւնքներով պիտի աւարտէի դպրոցը, երբ սկսայ ինքնուրոյն սիրել դպրոցն ու դասատուները․․․
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
3-Ժամանակի պտուտակը, քանի մը տասնամեակ դէպի ետեւ կը շրջեմ, աչք մը նետելով մեր տան պատուհանէն դէպի ներս, ուր մեծ մայրս եւ ես, մանկութեանս, ձմրան օրերուն, սետիրին վրայ նստած կ՛ըլլայինք։
Ժամանակը՝ այնտեղ կանգ առած էր կարծէք մեր սառած լուսանկարին վրայ։ Հեռուէն ամէն դիտող նոյն բանը չէր կրնար տեսնել։ Ես ու մեծ մայրս կը հասկնայինք զիրար եւ այդ մէկն ալ բաւարար էր մեզի։
Մօրենական մեծ մայրս, շաբաթը անգամ մը մեր տուն կու գար։ Լուռ , մտախոհ, անժպիտ, բարի դիմագիծերով միջին տարիքի նենէս, բոլոր եղեռնէն մազապուրծ հայուհիներուն պէս՝ իր վախերով եւ մտահոգութիւններով հագեցած հայեացքով սովորական կին մըն էր։ Մազերուն երկար հիւսքը վեր հաւաքած, ոլորած,գրեթէ նոյն մուգ կանաչ շրջազգեզտը միշտ կը կրէր իր վրայ։Գիտէի, թէ ան՝ ուրիշը ունենալու կարողութիւնը ունէր, բայց փափաքը չունէր։
Մեծ մայրս հայերէն չէր խօսէր, թէեւ կը հասկնար եւ հայերէն կը մտածէր, ան միայն թրքերէն կը խօսէր՝ իր միտքը արտայայտելու համար անհրաժեշտութեան պարագային։ Լռակեաց ինքնամփոփ այրի մըն էր ան։ Յետագային անոր տխուր ցաւին պատճառը պիտի հասկնայի։ Տակաւին մանուկ,Կիլիկիոյ մէջ կորսնցուցած էր ծնողները։ Մնացեալ փոքր, քոյր եղբայրներուն հոգատարութիւնը ինքնաբերաբար փոխանցուած էր, մեծ մօրս՝իբրեւ աւագ երեխայ։ Իր մօրը նման մեծ մայրս եւս ունէր՝ սեւ երկար գեղեցիկ մազեր։ Երբ անոր մօր մարմինը ամփոփած էին դագաղին մէջ, մազերուն խտութեան եւ երկար ըլլալուն պատճառով, անոնք դագաղէն դուրս մնացած էին, ինչպէս կը վկայէր մեծ մայրս։
Երբ նենէս մեր տուն այցելէր, ես՝ տառերէն, թիւերէն եւ դպրոցէն խրտչած, գլուխս անոր ծունկերուն վրայ զետեղելով, հանգիստս կը գտնէի։ Արդեօ՞ք զօրութիւն կը ստանայի անոր մէջ թաքնուած արմատներէս, նախնիներէս․․․ հաւանաբար բոլոր անոնց տեսածներն ու ապրածները կը փոխանցուէին ինծի։ Արեւավառ քաղաքներ կը տեսնէի, իրենց բնակիչներէն դատակուած, պարապ փողոցներով, այգիներով, ճիւղերուն վրայ չորցած, քաղցու դարձած ողկոյզներով։ Կը հաւատայի, թէ այդ ողկոյզներուն հունտերը մեր քով, մեզի հետ են, այդպէս ըսած էր նենէս։ Երբ որոշէինք այնտեղ երթալ, կրնայինք հունտերը տանիլ, նոր այգիներ տնկելու համար։ Այդ հունտերը, ծառերու վերածուած մեր մարմիններուն մէջ ապրող ջիղերով, ծառի կերպարանքով կը բնակին ըսած էր ան եւ նոյնիսկ քանի մը պահուած հունտ ցոյց տուած էր ինծի փոքրիկ սրուակի մը մէջ զետեղուած։ Ծառերուն հունտերը մեր մէջ կ՛աճէին հասակ կ՛առնէին, իրենց արմատներուն վրայ, մեծ մօրս ծունկերուն վրայ եւ իմ գլխուս մէջ։ Իսկ մնացեալն ալ ապահովօրէն կը ննջէին փոքրիկ սրուակին մէջ։
Հիմա անոր կորսնցուցած հայրենիքն ու հարազատները իրենց սրտի զարկերով, մեծ մօրս մէջ կը հանգչէին, այդ երկրի արեւին հետ, ու ես թուաբանութեան քառակուսիներուն փոխարէն, մեծ մօրս հետ, կը սկսէի մէկիկ-մէկիկ իրենց հին այգիին ծառերը հաշուել, ես ալ իմ փոքրիկ ներկայութիւնս բերելով, մտնելով մեր կորուսեալ գունաւոր մեծ պատկերէն ներս։
Կ՛երեւակայէի անպայման երթալ եւ մտնել մեծ մօրս հեռաւոր տունը, որ միաժամանակ անոր հոգիին թաքստոցն ու գաղտնարանն էր՝հոն հորիզոններէն անդին մնացած։ Իր պատմածներէն գեղեցիկ պատկերներ կը գծագրուէին աչքերուս առջեւ, արօտներ,այգիներ, դաշտեր եւ ես կը սկսէի ժպտալ,մինչեւ որ քնանայի։ Մեծ մայրս կը շարունակէր իր շարադրած կենդանի հէքիաթները պատմել, յօրինած տխուր երգերը երգել։ Ու ես այդ բոլորը չէի լսեր, կը տեսնէի պատմածները, ձայնը կը վերածուէր լոյսերու, ետքը գիծերու ու պատկերներու։ Թէեւ մեր դարաւոր թշնամիին լեզուով կը հնչէին բոլոր ինծի փոխանցուածները, բայց ան հայօրէն կը մտմտար, առանց կարենալ արտայայտուելու։ Վախն ու ընկճուածութիւնը, սարսափն ու ճնշումները, սուրը, եաթաղանին ուրուականը, դարեր երկար կապած էին մեր ժողովուրդի շրթները, լեզուն, արգիլած մայրենիի արտաբերումը։ Եւ օր մըն ալ, դժբախտաբար, թէ բարեբաղդաբար, ես սկսայ կատարելապէս թրքերէն հասկնալ։
Ամէն մեր տուն այցելելուն, կը շարունակէր նախկին կիսատ ձգած հէքիաթը։ Հէքիաթները միշտ ալ, շատ հեռուները գտնուող երկրի մը մասին կըլլային, օտար աշխարհի մը, որ ինծի համար դրախտային տպաւորութիւն կը ձգէր։ Իր տունը հոն եղած էր կարծէք միշտ, թէեւ ինքը հոս, բայց միշտ ալ իր ծննդաավայրի մասին կ՛երազէր, իր ձայնը եւ ինքնութիւնը հոն ձգած էր, այս հողին վրայ անտուն մը էր, որ միշտ երեւակայութեամբ վերադառնալ կը ծրագրէր։ Միեւնոյն ատեն ան իր սրտի թաքստոցներուն մէջ կը խորհէր, որ դեռ ողջ է, կենդանի, փրկուած է եղեռնէն եւ կ՛ապրի տակաւին․․․
Շատ բան չէի հասկնար անոր ըսածներէն, բայց անոնցմէ բխող տառապանքն ու սէրը բացայայտ էին։ Պատումներ կը ստեղծէր, բոլորն ալ իր կողմէ ապրուած։ Կը սկսէր երգել այն երգերը, որոնք եղեռնէն փախուստի եւ տարագրութեան օրերուն երգած էր, փոքր քոյր եղբայրները քնացնելու, կամ՝զանոնք իր շուրջ հաւաքելու համար։ Ինը տարեկան աղջնակը Հալէպ հասնելէ ետք կաւէ անօթներ կը պատրաստէր, զանոնք բրուտագործին վաճառելու, իրենց առօրեայ հացը վաստակելու համար։ Հէքիաթներւն մէջ միշտ թաքնուած խորհուրդ մը կ՛ըլլար,անոր համար անոնք ինծի համար անհասանելի, խորհրդաւոր պատմութիւններ կը մնային, այբենարանի լեզուէն հեռու։ Իրենց ոգիով եւ փոխանցած վստահութեամբ զիս կը հանգստացնէին ու կը դարձնէին բարի՝ տառերուն, թիւերուն եւ մօրս հետ ունեցած երկարատեւ առօրեայ պայքարէս ետք։
Մեր լուսամուտի հայեացքին ներքեւ մեծ մօրս հետ մեր շունչերը միախառնած, մենք կը ժպտայինք նոր արեւներու․․․ Իսկ պատուհանէն ամէն-անէն բան հասանելի էր եւ շատ յստակ կ՛երեւէր։
Ամենամօտս նստած մեծ մայրիկս, հիմա ամենահեռուներն է, ո՞ւր ես ալ չեմ գիտեր։ Իր տարօրինակ երազներով զիս ընտելացուց եւ կերպարանափոխեց ։ Իմ տխուր բայց իրական հէքիաթս եղաւ ան։ Անկէ գրեթէ տխուր հէքիաթներ լսած եմ,որոնք ենթագիտակցօրէն կուտակած բայց տարբեր բառերով փոխանցած եմ զաւակներուս։ Եղեռնի տխրութիւնը սերունդէ սերունդ, մեզի հետ շալկած անհէքիաթ, առանց մանկութեան կը քալենք այսպէս, մինչեւ որերորդ սերունդ, ինծի համար ալ պարզ չէ։ Թշնամին անուղղակիօրէն խլեց, ոչ միայն մեր մեծհայրերուն եւ մայրերուն մանկութիւնը, հապա բոլորիս մանկութիւնը նախապէս հաւաքեց եւ իր հետ տարաւ։ Դեռ չծնած մանուկներու մանկութիւնը, ան յօշոտեց եւ թաղեց իր բռնաբարած տարածքներուն մէջ եւ մենք պարտաւոր ենք երթալ եւ փնտռել մեր կորուսեալ հողերու այգիներէն, տուներէն, մեր անմեղութիւնն ու թեթեւութիւնը, մեր խաղաղութիւնը․․․։ Մեր մամիկներուն անժպիտ դիմագիծերը փոխանցուեցան մեզի։ Անոնց ցասումն ու զայրոյթը ներարկուեցաւ մեր արեան մէջ, ցաւցուց եւ թունաւորեց մեր ամենաուրախալի տարիները։ Մենք եղանք ամենալրջագոյն սերունդը, միշտ արցունք երեւցաւ մեր աչքերուն մէջ։
Մեծնալէ ետք ալ, մեծ մօրս եւ հօրաքրոջս հայերէնի չիմացութիւնը զայրացուց եւ զարմացուց զիս։ Անոր փոխարէն հպարտութեամբ լսեցի մօրս արտասանած իւրաքանչիւր հայերէն բառ եւ զարմացայ ի տես անոր իբրեւ կատարեալ հայախօս զաւակ մը դաստիարակուած ըլլալուն։ Անշուշտ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանն ու ետքը Պէյրութի Քառասնից Մանկանց վարժարանը իրենց հետքն ու կնիքը դրած էին արդէն, թրքախօս մօր զաւկին վրայ։
Տարիներ ետք,պառաւած հօրաքրոջս համար տետրակներ եւ մանկապարտէզի հայերէնի գիրքեր բերի, որ ան սահուն հայերէն կարենար խօսիլ։
Թէեւ ես չսիրեցի մանկապարտէզը, բայց հետագային ինչ որ զլացուած էր ինծմէ, փորձեցի տալ շրջապատիս, որ անոնք կարենային սիրել մեր մայրենին եւ անգամ մըն ալ չուզէին թրքերէն խօսիլ։
Նախակրթարանի առաջին տարիները եւս դժուար տարիներ եղան ինծի համար, մինչեւ հինգերորդ դասարան երբ ունեցանք, այն հայերէնի ուսուցիչը որ մեզի համար դարձաւ, ոգեւորող խթան։
Այդ տարիներուն, կաւիճը ձեռքս առած ընդհանրապէս կը գրէի,կը խծբծէի մեր տան բակի յատակի քարին վրայ։ Այո որքան ալ տարօրինակ թուի, թուղթ ու մատիտ չունեցողի պէս, կը նախընտրէի բնական քարը իբրեւ թուղթ օգտագործել, իսկ կաւիճը իբրեւ՝ մատիտ։ Թերեւս ալ ենթագիտակցօրէն, հին օրերու վրէժս լուծելու համար, մեծ հեւքով կը գրէի ։
Կը գրէի գետին կքած, խոնարհումով հայերէն տառերուն վրայ, պաշտամունքով մը, անկէ զլացած կարօտս առնելու համար։ Երբ տարածութիւնը սպառէր, լաթի կտորով մը կը ջնջէի գրածներս, նոր բաներ գրելու համար։ Անդաստաններ ըլլային կարծէք մեր տան յատակի իւրաքանչիւր քառակուսին, ուր կը ցանէի իմ հունտերս։ Դաւիթ Սասունցի, Առիւծ Մհեր, տաղերուս հերոսները անհամար էին, որոնց մեծ մասը կու գային հայերէնի մեր նոր ուսուցիչին մատնանշումներէն։ Երեւանէն՝ Պետական Համալսարանի Բանասիրականի շրջանաւարտ, պրՆ․Ալեքսան Աթթարեան, հինգերորոդ դասարանցիներուս հայերէնի դասաժամերուն մէջ եկած էր նոր փոփոխութիւններ, նոր ոգի բերելու։ Ամբողջովին նոր մօտեցումով մը սկսանք ըմբռնել մայրենին, սիրել տառերը եւ փայփայել զանոնք։
Վեցերորդ աւարտական դասարանին, կաւիճով պատշգամի քարերը գունաւորող գիրերս, դասընկերներէս մէկուն մատնութեամբ արդէն իսկ բարձրացան գետինէն եւ զարդարեցին մեր ամավերջի հանդէսի յայտագիրը։
Քաջալերելը, տաղանդները երեւան հանելը, պարգեւներ են ոչ բոլոր մարդոց պատկանող, միայն ազնիւ եւ անշահախնդիր հոգիներուն տրուած յատուկ շնորհներ են անոնք, շրջապատին օգտակար ըլլալու համար բաշխուած․․․
Հէքիաթիս լոյս՝ մեծ մայրս հիմա չկայ, բայց օդը լեցուն է իրմով։ Ափերովս կը փակեմ ականջներս, որ կարենամ հրեշտակներուն հեռաւոր սրտի երգը լսել․․․
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
