Մրցույթին ներկայացված պատմվածքները հրապարակվում են հեղինակների ցանկությամբ, չեն խմբագրվում և չեն սրբագրվում:
Հայելիին դիմաց կանգնած էր Հերալիք, եւ շպարի վերջին փորձը կը կատարէր առաջին օրը գործի մեկնելէ առաջ։ Լռութեամբ կը նայէր իր կրկնօրինակին. բայց միտքի ցայտքերը այնքան կ’աղմկահարէին, ինչպէս իր հերարձակ ալիքները, որոնք գեղեցկութեան յաւելեալ շնորհք մը տուած էին իր դէմքին։
* * *
Հերալիք քսանչորս տարեկան երիտասարդուհի մըն էր՝ սրճագոյն նշաձեւ աչքերով, ժպտերես ու լրջախոհ։ Դպրոցական տարիները անցուցած էր փայլուն նիշերով, իսկ համալսարանական իր մասնագիտութիւնը ընտրած էր լրագրութիւնը, զոր սիրով պիտի կատարէր։ Կեանքի յորձանուտին մէջ իր պայքարը կը մղէր առանձին՝ ծնողները ինքնաշարժի արկածով մահացած էին տարիներ առաջ, իսկ ինք երկու ամիս հիւանդանոց մնալէ ետք՝ ապաքինած։ Կը մերժէր վերադառնալ հօրենական իր տունը, փախուստի կը դիմէր ամէն անգամ երբ շաղակրատող պատկերը կրկնուէր իր աչքերուն մէջ, արցունքներով կը փորձէր ջնջել այդ պահը, բայց սեւացող բաբախումին մէջ իր հօր ու մօր ժպիտը պայծառ կերպով կը շողար, կարծես թեթեւցնելու իր ցաւատանջ հոգին։ Կը նայէր երկինք, ամէն ինչ կը մնար յիշողութեան մէջ, անդարձ ու յաւերժացած…
Հազիւ աւարտած համալսարանական իր տարիները՝ ձայնասփիւռի կայանէ մը առաջարկ ստացած էր, իբրեւ աշխատակից, ամսուան համար իր առաջին փորձը կատարելու։ Իհարկէ ընդունած էր առաջարկը. աւելի՛ն, երկու օր անընդհատ նստած էր սեղանին շուրջ եւ զրոյցներ վարած «անյայտ» անձերու հետ։ Հարցումներ շարադրած, բարձրաձայնած, մէջբերումներ կատարած եւ «շնորհակալութիւն» յայտնած։ Կը բաւէր, որ իր անունն ու ձայնը պիտի հնչէին ծանօթ-անծանօթին, որ ըստ իրեն, պէտք է հաճոյքով ունկնդրէին։
Քանի մը օրը բաւարար եղաւ տեղի ու պաշտօնակիցներու հետ ծանօթանալու, իրեն բացատրուածը լսելու ու գրի առնելու, երբեմն անփորձութեան հետեւանք շրթունքը խածնելու, բայց ժպիտով դիմաւորելու իր վրայ դրուած ծանր պատասխանատուութիւնը, որ յաջորդող շաբաթներուն պիտի ճշդէր գործի մասնակցութեան իրեն վստահուած բաժինը։
Դժուար չէր կռահել, թէ Հերալիքի նկատմամբ դրական արձագանգ մը կը ճառագայթէր կայանին մէջ. ան ներկայ ըլլար թէ բացակայ, մարդիկ աչք մը կը նետէին իրեն յատկացուած գրասեղանին, մանաւանդ երիտասարդ տղաքը, որոնք առիթ պիտի ունենային հետը գործակցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու։ Կը բաւէր, որ Հերալիք ազնուութեամբ ընկալէր գովասանական խօսքերը, միշտ ցոյց տալով կուրծքին վրայ տեղադրուած պիտակին արձանագրութիւնը՝ «հաղորդավար՝ Հերալիք»։ Դրական վերաբերումով կ’ուղղէր շեղած ամէն մտածում, որ կրնար որեւէ պահու տկարացնել զինք եւ ոչնչացնել իր երազը։
Ամէն առաւօտ, ժամը 11ին, Հերալիք կը ներկայացնէր անձնաւորութիւն մը, աստղ մը, որ անցեալի պատմութեան մէջ հանրածանօթ դէմք մը դարձած էր։ Իր պրպտումները տուեալ անձին մասին վերջ չունէին, ժամերով հայեացքը կը պահէր գիրքերու ու համացանցի սիւնակներուն. կը կարդար ու կը նօթագրէր. կը գրաշարէր ու վերստին էջեր կը բանար ու կը գոցէր։ Աշխատանքի ժամը կ’աւարտէր, բայց ինք կը մնար տեղեկութիւններու փնտռտուքին մէջ։
Քանի մը անգամ պատահեցաւ, որ իրեն ներկայացաւ գործի այլ առիթ, քանի որ համալսարանը աւարտելէ առաջ՝ աշխատանքի դիմումներ բազմագրած ու «նետած էր» հոս-հոն, սակայն ճակատագիրի ի՛նչ բերումով առաջին իսկ «կայարան»ին մէջ իր պերճանքը կը փայփայէր։
Վճարումը բաւարար չէր, ինչպէս գործի ժամերը երկար էին. բայց իր նուիրուածութիւնը կարծես մոռցնել կու տար իր յոգնութիւնը, մանաւանդ երբ նստէր սեղանի ետին ու սկսէր օրուան «աստղը» ներկայացնել։
Իր ձայնէն զատ, չկար շշուկ փակ սենեակին մէջ. ի՛ր արձագանգն էր, ի՛ր անուշահոտը, ի՛ր շնչառութիւնը, անցեալը դէպի առօրեայ հրաւիրող ի՛ր ջանքերը, ի՛րը, ի՛րը, ի՛րը… Պահ մը կը յուզուէր անոնց կորուստին համար, երբեմն ալ կ’ապրէր այն լուռ պարծանքը, որ նախնիներուն կրակը երբեք չէ մարած, եւ անոնք կը բոցկլտան յաւիտենականութեան մէջ։
Անցեալի վերականգնումի իր հաղորդման առաջին տարին ամբողջացած էր, երբ անանուն ծաղկեփունջ մը ստացաւ «Ունկնդիր» ստորագրութեամբ։ Նայեցաւ աջ ու ձախ, ոչ ոք կը մօտենար իրեն։ Քիչ մը սպասեց, բայց ամէն մարդ կը շարունակէր իր ընթացիկ գործը։
Հերալիք կը մտածէր, որ այդ օրը ուրիշներուն համար շատոնց աւարտած ու անդարձ թուական մըն է, թերեւս մարդիկ չունին այն ժամանակը կամ զգացողութիւնը, որ իւրայատուկ պահ մըն է կեանքին, որ կը կորսուի մայրամուտի շողերուն հետ։ Հերալիք կը խոկար միտքի երաժշտութեան յանձնուած…
Տարուան մէջ առաջին անգամն էր, որ սեղանին վրայ տեղադրուած թուղթը, մատիտը, գրամեքենան, գիրքերը անշարժ կը մնային։ Հիմա մկանները հանգիստի մէջ էին, միտքն էր, որ կը սուրար անդադար անյայտ ուղղութեամբ։
Քարտուղարուհին դիմացը կանգնեցաւ եւ յուշեց, որ տակաւին ունի չորս վայրկեան ուղղակի սփռուող հաղորդումին համար։ Լոյս մը վառեցաւ հոգիին մէջ, եւ երկվայրկեանի մէջ Հերալիք հաւաքեց իր թուղթերը ու անցաւ գործի։ Սիրտը ուժգին կը բաբախէր…
Սկսաւ ներկայացնել իր պատրաստածը։ Այլեւս առաջուան անփորձ երիտասարդուհին չէր. ձայնային թրթռացումին էջ յստակ կը տիրապետէր միտքի հասունութիւնը. թուղթին գրեթէ չէր նայեր, այլ իր ներշնչանքով «կը զրուցէր» ունկնդիրին հետ։ Առաջին հինգ վայրկեանէն ետք, յուզումնախառն թելեր սկսած էին մէկ առ մէկ փղձկիլ՝ շաղկապուած անտեսանելի գաղտնիքներու հետ։ Ի՞նչն էր պատճառը. անձնաւորութի՞ւնը, թէ ծաղիկներու յանկարծակի այցը իր գրասեղանին, որուն համար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնէր մէ՛կ ունկնդիրի, մէ՛կ անծանօթի, որ համակած էր իր հոգին ու ամբողջ էութիւնը։ Չէր կրնար լուծել ինքնութեան այս հանգոյցը, որ կը խլէր իր կեդրոնացումը։ Իր խօսքերը անպայման կը խառնուէին ծաղիկներու բոյրին եւ գրականութեան էջերէն քաղուած բանաստեղծական տողերու։
Յանկարծ նկատեց, որ ձայնի հաղորդավարին մօտ կանգնած էին խումբ մը պաշտօնակիցներ, որոնք իրենց հայեացքներով կը մնային սեւեռած եւ խրախուսանքով եկած էին իրենց «ծարաւը» յագեցնելու։ Վերջին նախադասութեան մէջ Հերալիք մոռցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու հաղորդավարին, այլ միտքերով տարուած՝ մնաց իր «անծանօթին հետ» ու փափաքեցաւ զինք տեսնել։
Երբ վերադարձաւ գրասեղանին, նկատեց, որ համալսարանի մտերիմ ընկերը, որ օրին իրեն յանձնած էր այս պաշտօնին համար դիմումնագիրը, իբրեւ «անծանօթ ունկնդիր», իրեն կը սպասէր ծաղիկներու փունջը ձեռքին…
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ – ԹԱՇՃԵԱՆ
